Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Շեքքայի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Ապտել Ռահման Ալի Մաարապանին:
Մաարապանի, ծնեալ` 1991-ին, Պապ Թըպպանէի մէջ, մեղսակցած է ՏԱՀԵՇ-ի գործած բազմաթիւ արարքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին դէմ զինեալ բախումներուն: