ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկներն ու սուրիական բանակը երէկ Զապատանիի արեւելեան շրջանին մէջ իրենց հակակշիռին տակ առին Սուրիական առեւտրական դրամատունը, ինչպէս նաեւ Մհաթթա շրջանը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ երկրին մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններուն փոփոխութիւնը անկարելի է` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ համայնքային վարչակարգ կը տիրէ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ աղբերու թղթածրարին լուծումը խոչընդոտող արգելքները քաղաքական են:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ ցնոր տնօրինում կառավարութիւնը նիստ պիտի չգումարէ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի Հըզպալլան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ամբաստանեց երկիրը քաոսի մատնելու եւ կառավարութիւնը տապալել փորձելու յանցանքով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ միջոց է երկրին հարցերը լուծելու եւ փոխըմբռնում գոյացնելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` իբրեւ հանրապետութեան հզօր նախագահ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք ազգային երկխօսութենէն պիտի հեռանան, եթէ նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ զարգացում մը չարձանագրուի:
ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին փոխքաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ քաղաքական այն կողմերը, որոնք մերժած են ազգային երկխօսութեան մասնակցիլ, ոչինչ կ՛աւելցնեն կատարուելիք երկխօսութեան:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ համամասնական օրէնքի հիման վրայ է եւ կ՛ընդգծէ ուղղակի ժողովուրդին քուէով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պիտի չյաջողի, որովհետեւ Հըզպալլա յայտարարած է, թէ իր թեկնածուէն բացի ինք կը մերժէ նախագահական բոլոր թեկնածուները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ լուծել, սակայն անիկա պիտի օժանդակէ երկրին մէջ տիրող լարուածութեան մեղմացումին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ յառաջիկայ օրերուն աղբերու տագնապին լուծման առումով յառաջխաղացք մը պիտի արձանագրուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ պիտի ուղղուին դէպի երկխօսութիւն` երկրին տագնապներուն լուծումներ ապահովելու համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի հաստատեց, որ իր կարծիքով, ապարդիւն պիտի ըլլայ այն երկխօսութիւնը, որուն ընթացքին համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնք մը պիտի չմշակուի:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց ժողովրդային շարժումները ամրապնդելու եւ զանոնք որեւէ արգելքէ հեռու պահելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց դէպի նոր քաղաքականութիւն ուղղուելու եւ ընտրական օրէնքները արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն հանդիպում մը ունենալէ ետք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ ընդգծեց կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին տնտեսական ապահովութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Սայֆիի մէջ: