
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանան պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք, սակայն այդ այցելութեան համար տակաւին յստակ թուական մը չէ ճշդուած:
Ֆրանսական աղբիւրներ շեշտեցին, որ այդ այցելութիւնը կրնայ կատարուիլ հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, որպէսզի Հոլլանտ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած ըլլայ վարչապետ Թամմամ Սալամի, արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կապուած խոչընդոտները վերացնել:
Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէ Վատիկանի հետ մշակած է Լիբանանի փրկութեան ճամբու քարտէս մը: