
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ յաջորդող օրերուն կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքները շարունակել, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը անդրադառնան, որ կառավարութեան աշխատանքները յաջողցնելու առումով քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է միասնաբար գործակցին:
Ապու Սաապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կարելի եղած է կազմել փոխադարձ գործակցութեան սկզբունքը յարգելով` աւելցնելով, որ երբ քաղաքական ուժերը համոզուին, որ այդ է գործելու հիմնական սկզբունքը, այն ատեն է, որ կարելի է վերադառնալ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքին:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ հրաւէր մը` մասնակցելու համար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կիրակի օրուան տօնակատարութեան:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք յանձնառու է իր նախաձեռնած ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու` յանգելու համար որոշ արդիւնքներու:
Ան շեշտեց, որ ինք երկխօսութեան երկրորդ նիստին ընթացքին ներկաներէն պահանջած է առաջարկներով ներկայանալ, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աունի բացակայութեան անդրադառնալով, Պըրրի շեշտեց, որ անիկա կրնայ նախընթաց ստեղծել, որ այլ մասնակիցներ եւս դիմեն այս ձեւին, եւ ինքնաբերաբար երկխօսութիւնը կը դառնայ ապարդիւն:
«Երկխօսութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ ոք զէնքի ուժով պարտադրուած է ներկայ գտնուիլ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը ցուցարարներու կողմէ աղեղները իրեն դէմ ուղղուած ըլլան` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը քաղաքացիական ընկերութեան շարժումներուն դէմ չէ, իսկ այդ շարժումներուն մաս կազմողները կրնան քննադատել քաղաքական անձնաւորութիւններն ու անոնց ընթացքը, սակայն կարելի չէ արդարացնել անձնական մակարդակի վրայ արձանագրուած վարկաբեկումները: