
Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած հետաքննական տեսագրութիւններուն առումով կայանը անպարտ հռչակեց, սակայն կայանի փոխտնօրէն Քարմա Խայեաթ ատեանին կողմէ դատապարտուեցաւ:
Խայեաթի դէմ Միջազգային դատական ատեանին վճիռը պիտի արձակուի երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին:
Խայեաթի պաշտպան փաստաբան Քարիմ Խան յայտնեց, որ Քարմա Խայեաթ նուազագոյն պատիժը ստացած է, սակայն իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն աւելի եւս մեղմացնելու այդ վճիռը: