Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Գաղտնի Սպասարկութեան Նուաճումները Հզօրացուցած Են Բանակը»

September 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քահուաժի վարժութիւններուն մասնակիցներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը
Քահուաժի վարժութիւններուն մասնակիցներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Համմանայի մէջ վկայականներ յանձնեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան կողմէ ահաբեկչութեան եւ լրտեսումի դէմ կազմակերպած վարժութիւններու մասնակիցներուն:

Իր խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի շեշտեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով անոր առաքելութիւնը:

Զօր. Քահուաժի ողջունեց գաղտնի սպասարկութեան նուաճումները, որոնց իբրեւ հետեւանք կարելի եղաւ բացայայտել ահաբեկչական ցանցեր եւ բջիջներ, ինչպէս նաեւ կանխամտածուած ու ծրագրուած ոճիրներ գործող խմբաւորումներ եւ այլ յանցագործներ: «Այս նուաճումները հզօրացուցին բանակն ու անոր դիմադրողականութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց ուղղակի ապահովութեան կողքին նաեւ երկրին ապահովութեան սպառնացող վտանգները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին առաջնահերթութիւնը երկրին բանակն է, որովհետեւ անիկա պիտի պահպանէ երկրին կայունութիւնը եւ ապահովէ լիբանանցիներուն շահերը` շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց զինուորներուն յաւելեալ գիտակցութեամբ եւ զգաստութեամբ դէմ դնելու երկրին սպառնացող տարբեր մարտահրաւէրներուն:

Նախորդը

Քաղաքացիական Շարժումը Շաբաթավերջին Լիբանանցիները Հրաւիրած Է Ցոյցի Եւ Քայլարշաւի

Յաջորդը

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է Եւ Ոչ Ոք Զէնքի Ուժով Ստիպուած Է Ներկայ Գտնուիլ»

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.