Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ «Սուքլին» ընկերութեան դէմ դատական հարց յարուցած էր, երէկ ներկայացաւ դատարան, ուր ելեւմտական հարցերու քննիչ դատախազ Ալի Իպրահիմի ներկայութեան վկայեց «Սուքլին»-ի դէմ եւ զայն ամբաստանեց պետական գումարներ իւրացնելու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ռիչըրտ Քուիքը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երկխօսութեան նիստին ընթացքին յայտնած է, որ եթէ ժողովրդային մեծամասնութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը այդքան բծախնդրութեամբ պիտի կատարուի, ապա Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի պէտք է դառնայ վարչապետ, իսկ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ` խորհրդարանի նախագահ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահայի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 22 հոկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ Սմահայի պաշտպան փաստաբանները պահանջեցին այդ թղթածրարին հարցով բոլոր ձայնագրութիւնները լսել` ամբաստանեալին ներկայութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութեան վերջ պիտի չտան` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ ներկայիս ազգային երկխօսութիւնը սպասողական է եւ ապարդիւն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ ընդգծեց, որ անկարելի է բանակի հրամանատարութիւնը յանձնել բանակի մասնայատուկ ուժերու պետ գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի, որ Հըզպալլայի դաշնակից հոսանքի մը ներկայացուցիչն է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի եւ Հըզպալլայի նախարարներ նախանցեալ երեկոյեան ստորագրած են աշխատավարձի հետ կապուած որոշումներ` դիւրացնելու համար կենցաղային որոշ հարցերու լուծումը:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր կոչ ուղղեց Պէյրութի սիրտը փրկելու խռովարարութիւններէն: Ան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են քաղաքացիական քաղաքակիրթ ընկերութեան, սակայն պատահածը Կեդրոնական Պէյրութը քանդելու ծրագրուած աշխատանք է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցող ղեկավարները համոզուած են, թէ Մարտ 8-ի կամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող ոչ մէկ անձնաւորութիւն կրնայ նախագահական համախոհական թեկնածու դառնալ:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդը ընդգծեց, որ Լիբանանի ճակատագիրն է ըլլալ երկխօսութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան երկիր:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին կատարուած երկխօսութիւնը երկրին սահմանադրութեան դէմ գործուած յանցանք է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան շարժումն էր, որ պարտադրեց աղբերու տագնապին լուծման հարցը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն դարձնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ պէտք է երկրին սահմանադրութեան վերադառնալ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանն ու անոր սահմանադրական հաստատութիւնները:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ կոչ ուղղեց պետութեան ամէն ջանք ի գործ դնելու եւ որեւէ լուծման ընդառաջելու` առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած այս նուրբ եւ զգայուն կացութեան շրջագիծին մէջ, կարելի չէ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու մասին մտածել:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Ասատի Վարչակազմին Չենք Աջակցիր, Այլ Կը Ջանանք Սուրիական Պետութիւնը Պաշտպանել»

Յաջորդը

Ալի. «Դիմադրութեան Առանցքը Հետզհետէ Կը Հզօրանայ»

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?