Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան արշաւներ ու շարժումներ յաւելեալ աշխուժութեամբ կը գործեն թիրախ դարձնելով պետական այլազան հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ շարունակելով կենսոլորտի նախարարին հրաժարականի պահանջով սկսած հացադուլը:
Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին անոնց կազմակերպած արշաւներէն եւ մամլոյ ասուլիսներէն բացի, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին համախմբուելու «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց, որպէսզի դէպի խորհրդարան տանող բոլոր ճամբաները կարելի ըլլայ փակել:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» եւ «Հեռացէք մեզմէ» արշաւներուն անդամները ելեւմուտքի նախարարութեան դիմաց ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով երեսփոխաններուն ամսական աշխատավարձերը չվճարել:
Այս քայլին իբրեւ հակազդեցութիւն ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փակեցին ելեւմուտքի նախարարութեան մուտքը` կանխարգիլելու համար նախարարութենէն ներս ցուցարարներուն հաւանական մուտքը:
Ցուցարարները կարդացին «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» եւ «Հեռացէք մեզմէ» արշաւներուն կողմէ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն լոյսին տակ անոնք շեշտեցին, որ կը գտնուին փտածութեան հիմնական կեդրոնի մը դիմաց` ընդգծելով, որ իրենք կը մերժեն, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը, իրենք իրենց պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած եւ օրէնսդրական ոչ մէկ աշխատանք կատարած խորհրդարանին անդամներուն ամսականները վճարէ:
Զոյգ արշաւներուն անդամները մինչեւ կէսօրուան ժամը 2:00 նախարարութեան մուտքին շարունակեցին իրենց նստացոյցը` նկատի ունենալով, որ պետական պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամը 2:00-ին կ՛աւարտի, սակայն անոնք անակնկալի մատնուեցան, երբ իմացան, որ նախարարութեան պաշտօնեաները իրենց գրասենեակներէն դուրս եկած են` բարձրանալով շէնքին տանիքը եւ հոնկէ ուղղուելով նախարարութեան կից շէնքն ու անոր մուտքէն դուրս գալով:
Միւս կողմէ, 22 օգոստոսին կեդրոնական Պէյրութի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած եւ տակաւին ազատ չարձակուած քաղաքայիններուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց բողոքի նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը: Նշենք, որ արգելափակուած քաղաքայիններուն շարքին են նաեւ 6 անչափահասներ: Անոնք իրենց նստացոյցը պիտի շարունակեն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Զինուորական ատեանին առջեւ:
Հացադուլի Դիմողներուն Հանդիպումը
Նախարար Մաշնուքի
Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հացադուլի դիմած խումբ մը երիտասարդներու հետ:
Հանդիպումէն ետք հացադուլի դիմող երիտասարդ Ուարեֆ Սլէյման մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարարին հետ իրենց հանդիպումին արդիւնքները ժխտական են` աւելցնելով, որ Մաշնուք մերժած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն, հետեւաբար իրենք նոյն սկզբունքով պիտի շարունակեն հացադուլը` փրկելու համար Լիբանանը:
Սլէյման նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախարար Մաշնուք շեշտած է, որ Լիբանանի կացութիւնը չ՛արտօներ, որ նախարար մը հրաժարի` աւելցնելով, որ այս մօտեցումին առընթեր իրենք շեշտած են, որ իրենց համար անկարեւոր է անոր հրաժարականին ընդունումը, բայց կը փափաքին, որ հրաժարի, որպէսզի իրենք բարոյական յաղթանակ արձանագրած ըլլան: «Առաջարկ մը, որուն նախարարը չհակազդեց, եւ մենք պիտի վերադառնանք մեր հացադուլին», եզրափակեց Սլէյման:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք հացադուլի դիմող տղոց զօրակցող քաղաքացիական ընկերութեան արշաւի անդամները ընդվզումի իբրեւ արտայայտութիւն կենսոլորտի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մուտքին մեծ քանակով աղբ թափեցին, ինչպէս նաեւ որոշ ժամանակի համար փակեցին Ազարիէի եւ Նահատակաց հրապարակի փողոցները:
Կարճ ժամանակ ետք, խռովարարները զսպող ոստիկանները հասան Նահատակաց հրապարակ եւ վերաբացին այդ ճամբան` դիւրացնելով ժողովուրդին երթեւեկը:
Ներքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Շեհայէպը
Աղբի տագնապը լուծելու նպատակով կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ, երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի միջեւ:
Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ այդ ծրագիրին գործադրութեան հետեւող թեքնիք յանձնախումբին անդամները:
Շեհայէպ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Մաշնուքի կողմէ Աքքարի հեղինակութիւններուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները, որոնք կը վերաբերէին առողջապահական եւ ոչ առողջապահական աղբանոցներու գոյութեան:
«Մենք Մաշնուքը տեղեակ պահեցինք քաղաքական ուժերուն հետ մեր ունեցած հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւններէն, ինչպէս նաեւ անոր փոխանցեցինք, որ մեր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք քաղաքական այլ ուժերու հետ եւս: Մեզի համար կարեւոր է, որ այդ աշխատանքը ըլլայ համապարփակ եւ մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք հասնելու համար բարի աւարտի մը: Կը փափաքինք, որ քաղաքականութիւնը ըլլայ կենսոլորտին զօրակցող պատնէշ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ այս թղթածրարին մէջ յաջողութիւն արձանագրել», ըսաւ ան:
Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն քաղաքացիական ընկերութեան շարժումները եւ կը խոստովանին, որ անոնց շարժումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ մշակել աղբերու տագնապին լուծման այս ծրագիրը, որ պէտք է գործադրուի, որովհետեւ անոր այլընտրանքը գոյութիւն չունի: