Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ, ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, ՄԱԿ-ի մօտ լիբանանեան պատուիրակութեան մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Ահմետ Արֆայի, խորհրդականներ գնդապետ Անտրէ Ռահհալի եւ Ժան Ազիզի, ինչպէս նաեւ նախագահութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի տնօրէն Ռաֆիք Շլելայի:
Կութիերես նախագահ Աունը ողջունելով յայտնեց. «ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը յստակ է, ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակին աջակցութեան անոր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն»:
Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան ջանքերը եւ ապահովական գետնի վրայ իր դերը ամրապնդելու ու զէնքը լիբանանեան զինեալ ուժերու մենաշնորհ դարձնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հասկացողութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ:
«Միջազգային ընտանիքը կը գիտակցի, թէ նախագահ Աուն աշխատանք կը տանի Լիբանանի բարիքին եւ անոր անվտանգ ու կայուն ապագայ ապահովելու համար», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մենք կը զօրակցինք ձեզի եւ ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք Լիբանանի գտնուած ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ», յայտնեց Կութիերես:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` Լիբանանի նկատմամբ իր ցուցաբերած հետաքրքրութեան, բոլոր առիթներով անոր օգնելու նախանձախնդրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը վերանորոգելու իր ջանքերուն համար:
Նախագահը Կութիերեսին ներկայացուց կառավարութեան թափած ջանքերը Լիբանանը ոտքի կանգնեցնելու եւ զէնքը լիբանանեան զինեալ ուժերուն մենաշնորհը դարձնելու համար:
Ան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը դրաւ հարաւային Լիբանանի կացութեան մթնոլորտին մէջ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան յարձակումներուն եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ ընտանիքի հօր մը եւ անոր 3 երեխաներուն կեանքը խլածին նման Իսրայէլի գործած ջարդերուն մթնոլորտին մէջ, բացատրելով, որ այդ յարձակումը գործուեցաւ Մեքանիզմի յանձնախումբի աշխատանքին աւարտէն ետք, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ չի յարգեր 27 նոյեմբեր 2024-ի յայտարարութիւնն ու միջազգային բոլոր որոշումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը:
Հանրապետութեան նախագահը հարցականի տակ առաւ Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած կէտերուն վրայ մնալ պնդելը` նշելով, որ անոնք որեւէ ռազմավարական առաւելութիւն չունին:
«Լիբանանցի ժողովուրդը պատերազմներէն ձանձրացաւ եւ կ՛ուզէ խաղաղութեամբ ապրիլ», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Հանդիպում Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ
Աուն հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլի հետ` շնորհակալութիւն յայտնելով կայունութեան հաստատման համար Գերմանիոյ ներդրումին, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ծովուժի «ազդու դերակատարութեան» համար:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն, քաղաքայիններուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն լոյսին տակ, որոնց վերջինը Պընթ Ժպէյլի ջարդն էր:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային ընտանիքը գործի լծուի դադրեցնելու իսրայէլեան թշնամական արարքները, հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը վերականգնելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրելու:
Նախագահը գերմանական դիւանագիտութեան պետին հարցումներուն պատասխանելով շեշտեց. «Զէնքի մենաշնորհի գործադրութեան համար ուժի կիրարկման դիմելը, որ որեւէ պարագայի բացառուած է, ներկայիս չի կրնար տեղի ունենալ»:
Ան նշեց, որ ինք նախանձախնդիր է լիբանանցիներու միասնականութեան պահպանման եւ անոր վնաս պատճառող որեւէ բան չպատահելուն:
Հանդիպում Չեխիոյ Նախագահին Հետ
Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ իր չեխ պաշտօնակից Փեթեր Փաւելի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու բոլոր ոլորտներուն մէջ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները:
Փաւել նշեց, որ ինք տեւական կերպով կը հետեւի Լիբանանի, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` գնահատելով նախագահ Աունին «այս փշոտ երկու թղթածրարներու կառավարումը»:
Քննարկումի ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ նախագահական նոր իշխանութեան լոյսին տակ Սուրիոյ կացութեան:
Չեխիոյ նախագահը իր լիբանանցի պաշտօնակիցը հրաւիրեց այցելելու Փրակա: Նախագահ Աուն խոստացաւ յառաջիկայ տարի ընդառաջել հրաւէրին:
Հանդիպում Քուէյթի Գահաժառանգին Հետ
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի գահաժառանգ շէյխ Սուպահ Խալետ Համատ Սուպահի հետ, որ նախագահ Աունին փոխանցեց Քուէյթի իշխան շէյխ Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահի ողջոյնները եւ յաջողութեան մաղթանքները:
Անոնք քննարկեցին նախագահ Աունի Քուէյթ վերջին այցելութենէն ի վեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Քուէյթի գահաժառանգը ընդգծեց, որ իր երկիրը տեւական կերպով պատրաստ է Լիբանանին օգնելու` դիմակայելու համար իր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որովհետեւ Լիբանանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը կը նկատէ քուէյթեան քաղաքականութեան սկզբունքներէն մէկը:
Հանդիպում Իրլանտայի Վարչապետին Հետ
Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ Իրլանտայի վարչապետ Մայքըլ Մարթինի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անոր երկրին մասնակցութեան համար` նշելով, որ Լիբանան կը գնահատէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման համար միջազգային խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը:
Իրլանտայի նախագահը ցաւ յայտնեց Պընթ Ժպէյլի մէջ արձանագրուած ջարդին համար` առաջարկելով «հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման նպաստող որեւէ օգնութիւն, ընդ որում այդտեղ ականազերծման գործողութիւններուն մասնակցութիւն, եւ որեւէ այլ առաքելութիւն, որ Լիբանանն ու ՄԱԿ-ը կրնան խնդրել»:
Նշենք, որ նախագահ Աուն նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Սլովաքիոյ նախագահին, Ֆինլանտայի նախագահին եւ Լիւքսամպուրկի վարչապետին հետ: