Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար 2025» փառատօնի 4-րդ ու վերջին փուլին յայտնեց. «Այս է Լիբանանը, այս է Պէյրութը` երիտասարդութիւնն ու մարմնակրթութիւնը: Յաջողեցանք հասցնել պատգամը, թէ մարմնակրթութիւնը միայն մրցակցութեան համար չէ, այլ մշակոյթ ու արժէք է, մասնաւորաբար երիտասարդութեան համար»:
«Ուզեցինք դէպի շրջաններ բացուիլ, եւ սկսանք Սուրէն, ապա անցանք Ճիւնի ու Ալէյ, եւ փակումը կատարեցինք Պէյրութի մէջ: Փաստեցինք, թէ մարմնակրթութիւնը կը միաւորէ ու միասնական կը դարձնէ: Բոլորին փաստեցինք, թէ նախարարութիւնը մարդոց մօտ է, եւ անոնցմէ հեռու չի գործեր, այլ` անոնց համար կը գործէ», նշեց Պայրագտարեան:
Պէյրութի մէջ փառատօնի վերջին փուլին մասնակցեցան 400 երիտասարդ- երիտասարդուհիներ, որոնք եկած էին 15 սկաուտական միութիւններէ եւ 3 առաջնորդական միութիւններէ, որոնց շարքին նաեւ ՀՄԸՄ-ը: