Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զարմանք յայտնեց «դեսպան Թամըս Պարրաքի վերջին յայտարարութիւններուն համար, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն կառավարութեան լրջութիւնն ու բանակի դերակատարութիւնը»:
Սալամ յայտնեց. «Կառավարութիւնը յանձնառու է իր աշխատանքային ծրագիրին ամբողջական գործադրութեան, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի բարեկարգումներուն, զորս խոստացաւ, պետութեան իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով բոլոր իր հողերուն վրայ տարածելուն, զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելուն, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ նախարարաց խորհուրդի որոշումներու գործադրութեան»:
«Այս առումով, ամբողջովին վստահ եմ, թէ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անոր կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ իր ազգային առաքելութիւնը կը կատարէ, ներառեալ գործադրութիւնը այն ծրագիրին, որ 5 սեպտեմբերին ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին», յայտնեց վարչապետը:
«Այս առիթով միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ` աշխուժացնելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը եւ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն ու դադրեցնէ իր իրերայաջորդ յարձակումները, առ ի գործադրութիւն նոյեմբեր 2024-ին հրապարակուած թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան:
«Նաեւ կը յայտնեմ, որ Լիբանան խորապէս կը հաւատայ 2002 թուականի Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան հիմամբ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման կարելիութեան` նկատի ունենալով, որ այդ նախաձեռնութիւնը հիմնուած է արդարութեան սկզբունքներուն, միջազգային օրէնքի վճիռներուն ու ՄԱԿ-ի որոշումներուն վրայ եւ կոչ կ՛ուղղէ պաղեստինցի ժողովուրդը կարող դարձնելու ինքնորոշուելու, ներառեալ իր անկախ պետութիւնը ստեղծելու», նշեց Սալամ: