Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պարրաքի Կողմէ Կառավարութեան, Բանակին Եւ Դիմադրութեան Տուած Որակումին Նկատմամբ Պաշտօնական Կեցուածքին, Որ Պէտք Չէ Ուշանայ»

September 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի դէմ Իսրայէլի վերջին պատերազմի միամեակին առիթով իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը զինադադարի համաձայնութեան, որ Լիբանանը, նախագահի, կառավարութեան եւ Դիմադրութեան մակարդակով անցեալ 27 նոյեմբերին ուժի մէջ մտնելու առաջին պահէն իսկ յարգեց, մինչ Իսրայէլ շարունակեց զայն խախտել եւ չյարգել համաձայնութեան մէջ նշուած որեւէ յանձնառութիւն, ըլլայ այդ իր բռնագրաւած հողերէն հեռանալը, լիբանանցի գերիները ազատ արձակելը, լիբանանեան բանակին ՖԻՆԻՒԼ-ի ընկերակցութեամբ Լիթանի գետի հարաւային շրջանին մէջ մինչեւ միջազգային սահմաններ տարածուիլ արտօնելը»:

«Կը սպասենք ամերիկացի պատուիրակին (Թամըս Պարրաքի, «Ա.») կողմէ լիբանանեան կառավարութեան, բանակին ու Դիմադրութեան տուած որակումին լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին, որ պէտք չէ ուշանայ: Անիկա որակում մըն է, որ ոչ միայն ամբողջովին մերժելի է, այլ նաեւ կը հակասէ նախապէս ըսուածին», նշեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը երբեք Իսրայէլի համար սահմանապահ պիտի չըլլայ, անոր զէնքը սադրանքի զէնք չէ, եւ անոր սրբազան առաքելութիւնը Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանելն է:

«Կը վերահաստատենք լիբանանեան կառավարութեան մեր կոչը` յարգելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած իր ստանձնած յանձնառութիւնները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի վնասուած կամ քանդուած տուներու սեփականատէրերուն փոխհատուցման սկսելուն: Անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը ձեռնարկէ դուրս գալ իր տատամսումէն` վերահսկողութեան տակ պահելու համար այս մարդասիրական գերիշխանական ու քաղաքական գին ունեցող թղթածրարը», ըսաւ Պըրրի:

 

Նախորդը

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պըտիաուի Կ՛առաջարկէ 2026-ին Պէյրութի Մէջ Ծոց-Լիբանան Առեւտուրի Եւ Ներդրումի Ֆորում Կազմակերպել

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Ռուպիոյի Հետ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.