Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Մոհամետ Պըտիաուիի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ զանոնք ամրապնդելու հասարակաց նախանձախնդրութիւնը:
Պըտիաուի յայտնեց, որ խորհուրդը կը զօրակցի լիբանանեան կառավարութեան կայունութեան ամրապնդման, բարեկարգումներու եւ բարգաւաճման ջանքերուն:
Ան առաջարկեց 2026-ին Պէյրութի մէջ կազմակերպել Ծոց-Լիբանան առեւտուրի եւ ներդրումի ֆորում` տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ Ծոցի երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ ներդրումային յաւելեալ առիթներ քաջալերելու նպատակով:
Ռաժժի ողջունեց Պըտիաուիի առաջարկը` շեշտելով «շինիչ գործակցութեան յարաբերութիւններու զարգացման միատեղման կարեւորութիւնը»:
Ան նշեց, որ առաջարկուած ֆորումը առիթ մըն է Լիբանանի եւ Արաբական ծոցի պետութիւններուն միջեւ տնտեսական ու ներդրումային գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչ որ կը նպաստէ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ բարգաւաճման ու կայունութեան երթին: