Սալամ. «Կլիմայի Խնդիրը Երկրորդական Չէ, Այլ Առանցքային Եւ Խորքային Հարց Մը»
Կենսոլորտի նախարարութիւնը վարչապետարանին մէջ մեկնարկը տուաւ «Լիբանանի համար կլիմայական քաղաքականութեան թղթածրար»-ին` հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ աջակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին: Սալամ այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Կլիմայի փոփոխութիւնը մեզի համար իրողութիւն մըն է, որ առօրեայ կերպով կ՛ապրինք եւ կը շօշափենք»: «Իւրաքանչիւր լիբանանցի անոր ազդեցութիւնը կը զգայ, որովհետեւ կը տեսնենք տարբեր շրջաններու մէջ անձրեւներու սակաւութեան ալիքները, մեր...




















