Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Ընդունեց Ազատ Արձակուած Բանակայիններն Ու Անոնց Հարազատները

December 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

moukhtara_120615

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ազատ արձակուած բանակայիններն ու անոնց հարազատները, ինչպէս նաեւ տակաւին առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ այնքան ատեն որ տակաւին ինը բանակայիններ առեւանգուած կը մնան, իրենց ուրախութիւնը կիսատ է եւ պակասաւոր:

Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց, որ ինչպէ՛ս կարգ մը պաշտօնատարներ չեն անդրադարձած ազատ արձակման բանակցութիւններուն իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերուն:

Ան նշեց, որ բանակցութեան առաջին իսկ օրէն Պըրրի զօրակցած է իրեն եւ բանակցութիւններուն աւարտին իրենք հասած են առաջին օրը արծարծուած լուծումին:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ շեշտեց, որ Ժոմպլաթ խոստացած է իրենց զաւակներուն թղթածրարը հետապնդել` առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջոցով:

Ան նշեց, որ իրենք կը բաժնեն ազատ արձակուած բանակայիններուն ընտանիքներուն ուրախութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով Ժոմպլաթի, Պըրրիի, Ապու Ֆաուրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի թափած ջանքերուն համար:

Ապու Ֆաուր Այցելեց Ազատ Արձակուած
Բանակայիններուն Բնակարանները

wael_zinvorner_120615

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր  երէկ Ռաշայայի մէջ այցելեց ազատ արձակուած բանակայիններուն բնակարանները եւ հանդիպումներ ունեցաւ անոնց ընտանիքներուն հետ:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ երկիրը կը գտնուի ազգային-քաղաքական համաձայնութեան մը դիմաց, որ կարելի է իրականացնել Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրելու ընդմէջէն:

«Լիբանան կը գտնուի բացառիկ առիթի մը դիմաց` երկիրը դուրս բերելու ապահովական, սահմանադրական եւ քաղաքական իր տագնապէն, ներքին լիբանանեան ճիգերուն վերադառնալու եւ պահպանելու Լիբանանը», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր նշեց նաեւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի որոշումն է ամէն ջանք ի գործ դնել` Լիբանան վերադարձնելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայինները:

 

 

 

Նախորդը

Մոհամետ Համզէ Ինքզինք Պայթեցուց` Բանակին Կողմէ Չձերբակալուելու Համար

Յաջորդը

Պըրրի – Ապու Ֆաուր Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.