Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, ան ըսած է, թէ ճիշդ չեն այն ամբաստանութիւնները, թէ իսլամները կ՛ընտրեն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը: Անոնք նշեցին, որ մարոնի համայնքն է, որ ճշդած է իր չորս ներկայացուցիչները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի տարօրինակ իրականութիւններէն է այն, որ ոմանք կը փորձեն Ժապհաթ Նուսրային բարոյական արժանիքներ ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յոյս յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դուրս գայ այնպիսի դաւադրութենէ մը, որուն նպատակն է պառակտել քիրստոնեաները:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ տեղական եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն զօրակցութիւնը կը վայելէ, իսկ անոր թեկնածութիւնը լուրջ է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը ոչ մէկը վեթոյի ենթարկած է` աւելցնելով, որ ան լաւ, կարող եւ յարգանք վայելող թեկնածու է:

ՍՈՒՐ-Հաուշ մայրուղիին վրայ  ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու անդամ երկու զինուորներ զոհուեցան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք չեն մերժած Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, այլ` այդ թեկնածութեան մասին քաղաքական հարցադրումներ կատարած են: Ան աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն ցարդ կը մնայ անոր ղեկավարը` Սամիր Ժահժահ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու` խուսափելու համար Լիբանանին սպառնացող ազգային փորձանքներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան գծով համաձայնութենէն ոչ ոք կրնայ փախուստ տալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու շարքերուն մէջ կան տարակարծութիւններ` նախագահական ընտրութեան մասին:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին վերաբերող նախաձեռնութիւնը յարմար ատենին առաջադրուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ եթէ իսլամները այս կամ այն թեկնածուին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, ատիկա չի նշանակեր, որ իսլամ համայնքը առաջադրած է նախագահական թեկնածուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը ընթացքի մէջ է:

 

Նախորդը

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կը Շարունակէ Սուրիա Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?