
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց Սուրիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ այցելեց Լաթաքիոյ մարոնի համայնքի վանական համալիրը, ուր շեշտեց, որ քաջութիւնը խաղաղութիւն կերտելուն, մարդկային իրաւունքները յարգելուն եւ արդարութիւնը բանեցնելուն մէջ է եւ ոչ թէ սպանութեան, վայրագութեան, պատերազմի եւ բռնարարքներուն:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է մարոնի համայնքի Հալէպի նոր առաջնորդի` Ժոզեֆ Թուպաժիի ձեռնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Լաթաքիոյ մարոնի համայնքը իր նոր առաջնորդին` Անթուան Շպէյրի ձեռնադրութեան առիթով: