Լիբանանեան

Իրան Լիբանանի Նախագահական  Ընտրութեան Միջամուխ Չի Դառնար

Իրան Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Միջամուխ Չի Դառնար

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի նկատմամբ Իրանի կեցուածքները յստակ են եւ թափանցիկ` աւելցնելով, որ Իրան մնայուն կերպով կը հաստատէ, որ Սուրիոյ քաղաքական ապագան կը ճշդուի սուրիացի ժողովուրդին ինքնուրոյն որոշումով, իսկ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները զուտ լիբանանեան թղթածրար են, եւ Իրան երբեք միջամուխ չի դառնար այդ թղթածրարին լուծման:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԱՐ Ֆաթուայի որոշումին համաձայն, Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրը կը զուգադիպի չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ին: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յոյս յայտնեց, որ աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու լուծման շուրջ ուսումնասիրութիւնը այս շաբթուան ընթացքին աւարտի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին առաջադրուած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ անիկա կարիք ունի յաւելեալ խորհրդակցութիւններու: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր...

Հակառակ Զօր. Աուն – Ֆրենժիէ Տեսակցութեան`  Լռութիւնը Շարունակեց Մնալ Տիրական

Հակառակ Զօր. Աուն – Ֆրենժիէ Տեսակցութեան` Լռութիւնը Շարունակեց Մնալ Տիրական

Ֆրենժիէ եւ զօր. Աուն 48 ժամուան ընթացքին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու գլխաւոր թեկնածուին եւ համաձայնական նախագահական թեկնածուին միջեւ հանդիպում մը կայացնելու իմաստով նախապէս յայտարարուած ժամկէտին ծիրին մէջ, երէկ Ռապիէ հիւրընկալեց տուեալ հանդիպումը: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան...

Պըրրի. «Լաւագոյն Բեմագրութիւնը  Զօր. Աունի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ  Համաձայնութիւնն Է»

Պըրրի. «Լաւագոյն Բեմագրութիւնը Զօր. Աունի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ Համաձայնութիւնն Է»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով լաւագոյն բեմագրութիւնը պիտի ըլլայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ համաձայնութիւնը: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ...

Բանակը Զգետնեց Ժապհաթ Նուսրայի  Պատասխանատուներէն Մէկը

Բանակը Զգետնեց Ժապհաթ Նուսրայի Պատասխանատուներէն Մէկը

Արսալի մէջ լիբանանեան բանակը զգետնեց Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն Ապու Ֆիրաս Ժըպպէն եւ անոր երեք ընկերակիցները, իսկ աւելի ուշ Հըզպալլայի մարտիկներուն հետ բախումներու ընթացքին սպաննուեցան հինգ այլ զինեալներ, որոնք կը փորձէին Ապու Ժըպպէի դիակին հասնիլ: Լիբանանեան բանակը շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Արսալի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Ուատի Հմայտի մէջ նշմարուող հաւատադրժողական շարժումներուն զինեալները: Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Քաայի մէջ ձերբակալեց երկու...

Ռայի Պատրիարքը Պաշտօնական  Եւ Հովուապետական  Այցելութեամբ Մը Պիտի Մեկնի Եգիպտոս

Ռայի Պատրիարքը Պաշտօնական Եւ Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Պիտի Մեկնի Եգիպտոս

Քանաան եւ Ռայի պատրիարք Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութեամբ մը կը մեկնի Եգիպտոս, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի պատասխանատուներուն հետ: Եգիպտոս իր կատարելիք այցելութեան շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը: Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ...

Ճոնզ. «Հարիրի Պիտի Չորոշէ Լիբանան  Վերադառնալ, Նախքան  Սէուտցիներուն Հետ Խորհրդակցիլը»

Ճոնզ. «Հարիրի Պիտի Չորոշէ Լիբանան Վերադառնալ, Նախքան Սէուտցիներուն Հետ Խորհրդակցիլը»

Ռայի պատրիարքը եւ դեսպան Ճոնզ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք պիտի սպասեն քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններու արդիւնքին: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին մասին Ճոնզ ըսաւ, որ Հարիրի պիտի չորոշէ Լիբանան վերադառնալ, նախքան սէուտցիներուն հետ խորհրդակցիլը: Ճոնզ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի նախագահական ընտրութեան` շեշտելով, որ իրենք միջամուխ չեն ուզեր դառնալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ թրքական ուժերուն Իրաք մուտք գործելը Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ամբարտաւան ոտնձգութիւն մըն է, որուն պէտք է դիմադրել: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան տագնապը: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն...

Նախագահական Ընտրութեան «Ֆրենժիէ-Հարիրի»  Տարազով Ներկայացուած  Համաձայնութիւնը Սառեցուած Է

Նախագահական Ընտրութեան «Ֆրենժիէ-Հարիրի» Տարազով Ներկայացուած Համաձայնութիւնը Սառեցուած Է

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ  նախագահական ընտրութեան օրակարգը կը մնայ տիրական: Երկրորդ օրն ըլլալով, երէկ ժխտական կեցուածքները շարունակուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական համաձայնութեան հասցէին: Հակառակ տարբեր երեսփոխանական պլոքներու անդամներուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան մասին քննարկումները կը շարունակուին, գրեթէ բոլորին համար ալ յստակ էր, թէ «Ֆրենժիէ-Հարիրի» տարազով ներկայացուած համաձայնութիւնը սառեցուած է, հաւանաբար նաեւ ձախողութեան սեմին: Այս...

Պըրրի Նախարար Հարպի Հետ  Քննարկեց Նախագահական  Ընտրութեան Համաձայնութիւնը  Յաջողցնելու Հեռանկարները

Պըրրի Նախարար Հարպի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Համաձայնութիւնը Յաջողցնելու Հեռանկարները

Հարպ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս հանգրուանին շատ սովորական է, որ Պըրրիի հետ հանդիպինք եւ քննարկենք ներկայ իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան համաձայնութիւնը յաջողցնելու հեռանկարները: Հարպ անհրաժեշտ նկատեց նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ տալը` աւելցնելով, որ առաջարկուած...

Ռապիէի Մէջ .  Զօր. Աուն Ընդունեց Ժեմայէլը, Իսկ Համախմբումը  Հաստատեց Զօր. Աունի Լռութիւնը

Ռապիէի Մէջ . Զօր. Աուն Ընդունեց Ժեմայէլը, Իսկ Համախմբումը Հաստատեց Զօր. Աունի Լռութիւնը

Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն: Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ մինչեւ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութեան պատկերը չյստականայ, զօր. Աուն պիտի շարունակէ լուռ մնալ: Համախմբումը պահանջեց Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ...

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Օժանդակող Մարդասիրական Ծրագիրներ

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակող Մարդասիրական Ծրագիրներ

Քաակ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց միջազգային ընտանիքին ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան մարդասիրական շարք մը ծրագիրներ, որոնց նպատակն է օժանդակել Լիբանանին` դիմագրաւելու համար անոր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներուն: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ...

«Մանար» Հրաժարեցաւ Արաբական  Երկիրներու Լսատեսողական  Լրատուամիջոցներու Միութենէն

«Մանար» Հրաժարեցաւ Արաբական Երկիրներու Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Միութենէն

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հրաժարեցաւ Արաբական երկիրներու լսատեսողական լրատուամիջոցներու միութենէն` իբրեւ բողոք կարգ մը երկիրներու կողմէ միութեան վրայ բանեցուած ճնշումներուն, որոնք կը միտին միութիւնը շեղել իր որդեգրած ուղեգիծէն: Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ նախագահեց Լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Արապսաթ»-ի վրայ «Մանար»-ի սփռումը կասեցնելու հարցը: Նիստէն ետք Ժրէյժ յայտնեց, որ իրենք քննարկած են այն...

Դատախազ Սաքըր 4 Հոգի Ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին Անդամակցելու Յանցանքով

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 4 հոգի ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու, ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու եւ Ուատի Խալետի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութիւն մը հաստատելու յանցանքներով: Ըստ Սաքըրի, ահաբեկչական այս ցանցին անդամներուն նպատակն էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել: Ամբաստանեալներուն շարքին են Ժիհատ Ղազի եւ Թարեք Օպէյտ: Սաքըր ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու...

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը  Կը Շարունակեն Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Դէմ

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Դէմ

Զօր. Քահուաժի` Պաալպեք - Հերմելի նահանգապետին եւ Պաալպեքի քաղաքապետին հետ Լիբանանեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը` ընկերակցութեամբ Պաալպեքի քաղաքապետ Համատ Հասանի եւ Ժիհատ Հայտարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նահանգին վերաբերող հարցեր, յատկապէս բանակին որդեգրած միջոցառումները` պահպանելու համար Պաալպեքի...

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական  Թափուր Աթոռի Երեւոյթին Վերջ Տալու Իմաստով  Հարիրիի Ջանքերուն Անսալու

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Թափուր Աթոռի Երեւոյթին Վերջ Տալու Իմաստով Հարիրիի Ջանքերուն Անսալու

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի  նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ տալու իմաստով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն անսալու կարեւորութիւնը: Պլոքին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը լուրջ վտանգներ կը սպառնայ Լիբանանին եւ անոր տնտեսութեան ու ընկերային մարզին, ինչ որ կ՛ենթադրէ անյապաղ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել եւ երկրին պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը...

Նաքուրայի Մէջ.  «Կը Զօրակցինք ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութեան»   Ընդգծեց Շորթըր

Նաքուրայի Մէջ. «Կը Զօրակցինք ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութեան» Ընդգծեց Շորթըր

Շորթըր` Նաքուրայի մէջ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնը` Նաքուրա, ուր ան ընդունուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի կողմէ: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը ծանօթանալու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքին: Հանդիպումին աւարտին Շորթըր բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը` հաստատելով, որ Լոնտոն կը զօրակցի անոնց խաղաղապահ առաքելութեան:

Շիի Եւ Տիւրզի Համայնքներուն Հոգեւոր  Պետերը Կ՛ընդունին Թուրքիոյ Դեսպանը

Շիի Եւ Տիւրզի Համայնքներուն Հոգեւոր Պետերը Կ՛ընդունին Թուրքիոյ Դեսպանը

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Էրճիյես շէյխ Քապալանին ցաւակցութիւն յայտնեց Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութեան եւ անոր պատճառած զոհերուն համար: Իր կարգին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ընդունեց Էրճիյեսը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ շէյխ...

Նախագահական Ընտրութեան  Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու  Լռութիւնը  Ստեղծած Է Շփոթ Մը

Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու Լռութիւնը Ստեղծած Է Շփոթ Մը

Երկուշաբթի օրուան լռութիւնն ու որոշ չափով յոռետես կեցուածքները ջրեցին նախագահական ընտրութեան առումով շաբաթավերջին արձանագրուած լաւատեսութիւնը: Դրական մթնոլորտը ջլատուեցաւ, երբ վերջ գտան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անմիջական Պէյրութ վերադարձի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը: Սակայն նախագահական ընտրութիւնը մնաց երկրին մէջ կատարուած քաղաքական հանդիպումներուն քննարկումի առանցքը: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր....

Զօր. Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Զօր. Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ երկիրը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու հեռանկարները: Նշենք, որ զօր. Աունի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ Ռապիէ կատարուելիք այցելութեան մասին տեղեկութիւնները:

Page 878 of 986 1 … 877 878 879 … 986

Արխիւներ