Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ երբ հարցը կը վերաբերի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ նախընտրութեան, ապա նախապատուութիւնը կ՛երթայ զօր. Աունին:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթասկիզբին պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Հարիրի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պիտի յայտարարէ երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած «Քալամէլ Նաս» յայտագիրին ընթացքին:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ուրբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, մինչ ան կը նախագահէր Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր Լիբանան վերադարձի թուականը անձամբ պիտի որոշէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախքան տարեվերջը ընտրուի հանրապետութեան նախագահ: Նոյն օրաթերթը կը հաստատէ, որ այս շաբթուան ընթացքին Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս պիտի առաջադրուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ՏԱՀԵՇ-էն տարբեր չէ, այլ ամէն իմաստով ահաբեկչական կազմակերպութիւն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ Հըզպալլայի հաւատարմութիւնը ողջունելի է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցիլ կը նշանակէ ընդունիլ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պարտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ որեւէ համաձայնութիւն շատ աւելի լաւ է, քան լիբանանցիներուն միջեւ բանավէճը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ կը գործակցի` իրականացնելու համար փոխըմբռնումն ու փոխադարձ գործակցութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու նախաձեռնութիւնը ազգային նախաձեռնութիւն կը նկատուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը ողջունելի է, սակայն անկարելի է ընդունիլ, որ երկրին գերիշխանութիւնը ոտնակոխուի` Արսալը ձգելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն հակակշիռին տակ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը հովանաւորելու առումով ոչ մէկ կասկած գոյութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն խոստացաւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող իրենց զաւակները ազատ արձակել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները Լիբանանէն պէտք է արմատախիլ ընել, որովհետեւ անոնք բազմազանութեան հետ կը հակադրուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով հարցերը կրնան չլուծուիլ` նախքան 16 դեկտեմբերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ քաղաքական շարժումը արդիւնաւորուի նախագահական ընտրութեամբ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը քաջալերած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը` դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ տակաւին կան շարք մը ներքին հարցեր եւ խոչընդոտներ, որոնք կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան առումով հաւանական համաձայնութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ձախողի, ապա նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի արիւնահեղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պերլին Կը Զգուշացնէ Ռիատը. «Ծայրայեղութեան Աջակցութեան Նկատմամբ Աչք Փակելու Ժամանակը Անցած Է»

Յաջորդը

Զօր. Սլէյման. «Պաապտայի Յայտարարութեան» Նպատակը Այլ Երկիրներու Մէջ Լիբանանցիներուն Կռիւին Վերջ Տալն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?