Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պնաշհիի Մէջ . «Լիայոյս Ենք, Որ Մօտիկ Ապագային Պիտի Ունենանք Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Աքրամ Շեհայէպ

December 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շեհայէպ եւ Ֆրենժիէ
Շեհայէպ եւ Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք լիայոյս են, որ մօտիկ ապագային պիտի ունենան հանրապետութեան նախագահ մը` վստահելով Լիբանանի ղեկավարներուն իմաստուն կեցուածքներուն:

«Եթէ կան որոշ տարակարծութիւններ, ապա զանոնք կարելի է փարատել խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն: Նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած այս նախաձեռնութեան նկատմամբ արաբական եւ շրջանային զօրակցութիւնը, պէտք է երկխօսութիւնը շարունակել եւ յաջողցնել զայն», ըսաւ Շեհայէպ:

Ան նշեց, որ բոլորը` ժողովուրդը, հաստատութիւնները, տնտեսութիւնն ու ապահովութիւնը կը սպասեն հանրապետութեան նախագահը, իսկ այս նախաձեռնութիւնը առաջադրուեցաւ նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ տալու նպատակով:

«Յոյսով ենք, որ այդ նախաձեռնութեան շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ եւ անիկա լիբանանցիներուն մատուցուած նուէրը կ՛ըլլայ», յայտնեց Շեհայէպ:

Նշենք, որ Շեհայէպ ուղղուած էր Էհտենի արգելոց, ուր «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան 70-ամեակին առիթով 70 մայրիի ծառեր պիտի տնկուէին:

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումին Առումով Ապու Ֆաուր Հաստատեց Լիբանանեան Պետութեան Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Լարիժանի Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.