Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Սլէյման. «Պաապտայի Յայտարարութեան» Նպատակը Այլ Երկիրներու Մէջ Լիբանանցիներուն Կռիւին Վերջ Տալն Է»

December 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Michel-Sleiman_120615

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ձեռնարկի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց «Հանրապետութեան հանդիպում» շարժումին հիմնադրութիւնը:

Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքին ու ժողովուրդին բանակն է եւ ոչ թէ լիբանանեան վարչակարգին բանակը:

«Բանակը փաստեց, որ ինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կամքն ու կորովը ունի եւ դրացի երկիրներու բանակներուն չի նմանիր», ըսաւ ան:

Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ ինք եղած է առաջին նախագահը, որ սուրիական հոգատարութեան բացակայութեան գործադրած է Թաէֆի համաձայնագիրը` աւելցնելով, որ լիբանանցիները իրենց նախկին դասերէն օրինակներ չեն քաղած եւ նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթը դարձեալ ինքզինք կրկնած է 25 մայիս 2014-ին:

Ան շնորհաւորեց ապահովութեան ուժերը` ահաբեկչական բջիջները բացայայտելու եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական կայունութիւն հաստատելու առումով իրենց նուաճումներուն համար:

Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը չէզոք քաղաքականութիւն որդեգրելու եւ ինքզինք այլոց հարցերէն զերծ կացուցելու յայտարարութիւնն է, որուն նպատակն է այլ երկիրներու մէջ լիբանանցիներուն կռիւին վերջ տալ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռաատ. «Ո՛վ Որ Կը Փափաքի Ահաբեկչական Խմբաւորումներէն Ձերբազատիլ, Պէտք Է Զանոնք Իրենց Արմատէն Ջնջէ»

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.