Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տագնապի լուծման նախարարական սեղմ կազմի նիստին, որուն
ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը եւ շրջանը յուզող զարգացումները, որոնց շարքին երկրին մէջ իրագործուած ազգային նուաճումը` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն առեւանգած 16 բանակայիններուն ազատ արձակումով:
Նիստին մասնակիցները հաստատեցին, որ այդ քայլը վերահաստատած է լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վերաբերող հարցերուն իմաստով:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան միասնականութիւնը, երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցութեան իմաստով լիբանանեան կողմին հմտութիւնը ապահոված են ազգային այդ յաջողութիւնը:
Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ պիտի շարունակեն ամէն ջանք ի գործ դնել` ազատ արձակելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած ինը բանակայինները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ արտաքին գործոց եւ պետական նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Մոհամետ Ֆընէյշ: