Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով` Վարչապետ Սալամ Ռայի Պատրիարքին Եւ Աուտէ Եպիսկոպոսին Ներկայացուց Իր Բարեմաղթութիւնները

Դեկտեմբեր 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Ռայի պատրիարքը
Սալամ եւ Ռայի պատրիարքը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով անոր ներկայացնելով իր բարեմաղթութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են լիբանանեան տարբեր համայնքներուն եւ անոնց պետերուն միջեւ սիրոյ զգացումներու պահպանումին, որպէսզի կարելի ըլլայ այս դժուար հանգրուանը դիմակալել:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ լիբանանցիները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:

«Լիբանանի պատմութեան մէջ Պքերքէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի, եւ մենք կը հպարտանանք Պքերքէի հետ մեր յարաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով կը խորհրդակցինք անոր հետ», ըսաւ Սալամ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին, որ նախանձախնդիր է Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:

Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ հանգրուանը Լիբանանի համար ըլլայ նոր հանգրուան մը, «յատկապէս նկատի ունենալով Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ռայի պատրիարքին արտասանած պատգամը»:

Վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու առումով Ռայի պատրիարքին ցուցաբերած յանձնառութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Սալամ եւ Աուտէ եպիսկոպոսը
Սալամ եւ Աուտէ եպիսկոպոսը

Վարչապետ Սալամ այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, ուր ան Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց բոլորին:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանը:

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Օգտուելու Նախագահական Ընտրութեան Առումով Առաջադրուած Նախաձեռնութենէն Եւ Ամէնէն Արագ Միջոցին Ընտրելու Նախագահ Մը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի «Թռչնոց Բոյն»-ի Մանուկները

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?