Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները երկրին քաղաքական հարցերուն հետ պէտք է վարուին մեկնելով երկրին եւ քաղաքացիներուն գերագոյն շահերը ապահովելու դիտանկիւնէն:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին ծրագիր մըն է, որուն մանրամասնութիւնները ամբողջացած չեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ առաջադրուած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը կը մնայ ի զօրու, սակայն Իրանի վերապահութիւնը կը խոչընդոտէ զայն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը իր հակառակորդներուն հետ պէտք է համաձայնի կարգ մը հարցերու շուրջ: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի զէնքին մասին իրենց կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ իրենք հարիւր առ հարիւր դէմ են Հըզպալլայի զէնքին, որուն օգտագործման որոշումը շրջանային է եւ զայն կարելի չէ հակակշռել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մարոնի քաղաքական ուժերուն չորս ղեկավարները հրաւիրած է հանդիպումի մը, սակայն ոչ ոք ընդառաջած է անոր հրաւէրին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ձեռնարկած է քայլի մը, որուն հիման վրայ ան բացայայտ զօրակցութիւն պիտի յայտնէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ անոր Լիբանան վերադարձին մասին լուրերը անճիշդ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենց ծրագիրը պիտի յաղթէ, իսկ շրջանին մէջ հաւատադրժողութիւնը պիտի ձախողի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք իրենց ազատութեան համար արիւն թափած են եւ պատրաստ են մնայուն կերպով զոհուելու, որպէսզի իրենց զաւակները աւելի արժանապատիւ կեանք մը կարենան ապրիլ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ պատուիրակութիւն մը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Լեռնալիբանանի քրիստոնեայ հեղինակութիւններուն եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր մաղթանքները փոխանցեց անոնց:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի լուծումներու, որոնք պէտք է ըլլան երկարատեւ` ըլլան անոնք աղբի թէ քաղաքականութեան պարագային:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը պիտի ըլլայ հիմնական` քաղաքական կեանքը աշխուժացնելու առումով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ մինչեւ յառաջիկայ յունուարի կէսը նախագահական ընտրութեան առումով զարգացումներ պիտի արձանագրուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու է ազգային միասնականութեան եւ իր զէնքին պահպանումին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, որ վարչապետ Սալամ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին նշմարած է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ են նախարարաց խորհուրդին աշխատանքը դիւրացնելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան վերաբերող նոր նախաձեռնութեան մասին Սալամ դրական կեցուածք շօշափած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութեան առանցքին ձախողութեան վրայ գրաւ դնող բոլոր կողմերը պիտի տուժեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ գոյութիւն ունին քաղաքական բազմաթիւ ուժեր, որոնք միլիոնաւոր տոլարներ կը մսխեն` վարկաբեկելու համար Դիմադրութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը նահանջի մէջ է եւ այդ ճշմարտութեան կը վկայեն Սուրիոյ կռուի դաշտերը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կը սկսի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ եւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան առումով որեւէ լուծում կարիքը ունի Հըզպալլայի համաձայնութեան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հաւանութեան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ջանայ քրիստոնեայ շրջանակներուն մօտ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցողներուն թիւը աւելցնել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆահի, Զահրանիի, Սուրի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` խախտելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

 

 

Նախորդը

Ժաաֆարի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ողջմտութեամբ Գործելով Իրաքէն Հեռանալու

Յաջորդը

«Հանրապետութեան Նախագահը Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչը Ըլլալու Պարագային Կը Նախընտրեմ Զօր. Աունը» Շեշտեց Խալետ Տահեր

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?