Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Նշեցին Մոհամետ Շաթահի Սպանութեան Բ. Տարելիցը

December 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

siniora_122715

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կազմակերպութեամբ երէկ Մոհամետ Ամին մզկիթի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նշելու համար նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութեան Բ. տարելիցը:

Յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի ներկայացուցիչ, կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ղազի Արիտի, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ Շաթահի հարազատները:

Այս առիթով Սինիորա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի թափուր աթոռը լեցնելու համար անհրաժեշտ է կատարել նախագահական ընտրութիւն:

Ան նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքը պիտի շարունակէ իր ընթացքը` առանց կորսնցնելու իր ներքին համերաշխութիւնը:

Սինիորա անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ պատերազմին միջամտութեան` զայն նկատելով անտեղի եւ ապարդիւն: «Մենք կը մերժենք այդ միջամտութիւնը, յատկապէս երբ օրըստօրէ յստակ կը դառնայ, որ սուրիական վարչակարգն ու ահաբեկչութեան զօրակցող կողմերը նոյն դրամին երկու երեսներն են: Հետեւաբար այս ձեւով կարելի չէ Լիբանանը ահաբեկչութենէ պաշտպանել եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանել», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Շաթահի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին` Սինիորա հաստատեց, որ Շաթահ իբրեւ խորհրդատու եւ աւելի ուշ իբրեւ ելեւմուտքի նախարար իր ստուերին նման ընկերակցած է իրեն, երբ ան ստանձնած է վարչապետի պաշտօնը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն արձանագրեց, որ իրենք հաւատարիմ պիտի մնան Մարտ 14-ի ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ կառչած պիտի մնան արդարութեան` Մայրիներու յեղափոխութեան նահատակներուն հաշուոյն արդար մնալու նպատակով:

Իր կարգին, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի համար Շաթահ կը մնայ չափաւորականութեան եւ երկխօսութեան խորհրդանիշներէն մէկը:

 

Նախորդը

«Անկարելի Է, Որ Ներողամիտ Գտնուինք Մեր Մարտիկներուն Դահիճներուն Նկատմամբ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին Լուծումը Յետաձգուած Է 2016-ին

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.