Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկարելի Է, Որ Ներողամիտ Գտնուինք Մեր Մարտիկներուն Դահիճներուն Նկատմամբ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

December 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nasralla_122715

Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Սամիր Քանթարի նահատակութենէն շաբաթ մը ետք, անոր յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, երէկ  Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վերահաստատեց, որ Հըզպալլա անպայման պիտի պատասխանէ Իսրայէլի` անոր դիմաց բաց ձգելով հարուածելու բոլոր ճակատները:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ անկարելի է, որ ներողամիտ գտնուին իրենց մարտիկներուն արիւնը թափող դահիճներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են կրելու հաւանական բոլոր հետեւանքները:

«Քանթարի սպանութեան պատասխանը անխուսափելի է. նկատի ունեցէք բոլոր սահմանները` ցամաքային եւ ծովային, Մազարեհ Շեպաայէն սկսեալ մինչեւ Ժապալ Շէյխ, մինչեւ Կոլանի բռնագրաւուած շրջանները: Ո՞ւր են իսրայէլացի զինուորներն ու սպաները. առնէտներու նման մուտք գործած են իրենց թաքստոցները», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա: Ան շեշտեց, որ անոնք մտահոգ են` ընդգծելով, որ պէտք է վախնան թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումով, «որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլան հետեւանքներն ու սպառնալիքները, Հըզպալլա անվախ է եւ անկարելի է, որ ներէ իր մարտիկները թիրախ դարձնող սիոնականներուն»:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենց որոշումը յստակ է առաջին օրէն իսկ` աւելցնելով, որ Քանթարի սպանութեան պատասխանելու առաքելութիւնը վստահուած է Հըզպալլայի նահատակներուն վրէժը լուծելու պատասխանատուներուն:

ՆՇԵՆՔ, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Քանթարի նահատակութեան առիթով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւակցական այցելութիւն մը տուած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան, սակայն այդ այցելութիւնը մնացած է գաղտնի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուելիք որեւէ գործողութեան պատասխանելու իմաստով իսրայէլեան սպառնալիքները լուրջ են:

 

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Հաստատեց Նախագահական Ընտրութեան Նպատակով Առաջադրուած Նախաձեռնութիւնը Լրջօրէն Ուսումնասիրելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Նշեցին Մոհամետ Շաթահի Սպանութեան Բ. Տարելիցը

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.