
Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը շարունակեցին ահաբեկիչները հետապնդելու իրենց արշաւը:
Այս շրջագիծին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին չորս լիբանանցիներ` Օ. Ր., Մ. Ք., Ե. Պ., Օ. Ղ., որոնք կազմած էին բջիջ մը` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան օժանդակելու նպատակով:
Ահաբեկչական այս բջիջին ընդմէջէն անոնք կը զինուորագրէին ահաբեկիչներ, որոնք կը միանային ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն, ինչպէս նաեւ անոնց կը սորվեցնէին գօտիներ եւ ինքնաշարժներ ականելու ձեւեր:
Միւս կողմէ, բանակը երէկ առաւօտեան խուզարկեց Քաայի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վրանները, ուր ձերբակալեց 170 հոգի, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան եւ օրինական փաստաթուղթեր չունէին:


