
Նախկին երեսփոխան Ալի Իտ անցեալ ուրբաթ օր մահացաւ Թարթուսի «Պասել Ասատ» հիւանդանոցին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Ալի Իտի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ օր լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանի` Հըքր Տահիրիի մէջ:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան անոր ընտանիքին անդամները, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Աքքարի հեղինակութիւններէն ոմանք:
Ալի Իտի զաւակը` Ռիֆաաթ Իտ, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարն է, շեշտեց, որ իր հայրը անիրաւուած է` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ Ալի Իտի ուղեգիծը` հաւատարիմ մնալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին:
Ռիֆաաթ Իտ լիբանանեան պետութենէն պահանջեց Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին հետաքննութիւնը հետապնդել, որպէսզի ճշմարտութիւնը բացայայտուի:


