
Երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնները խզուած են վերջինիս փափաքով, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ ես չեմ յարգեր զայն», ըսաւ Տահեր:
Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հսկայ զոհողութիւններ կատարած է, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով: Ան նշեց, որ ինք կը փափաքի, որ հանրապետութեան նախագահը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչը ըլլայ, այս պարագային` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը:
«Սակայն հանրապետութեան նախագահը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչը ըլլալու պարագային կը նախընտրեմ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ ոչ թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն», ըսաւ Տահեր:


