
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք ընդգծեց կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ներկայիս ընթացող սուր բանավէճին զուգահեռ:
«Հակառակ տիրող ներքին եւ արտաքին պայմաններուն, երկխօսութիւնը միակ միջոցն է, որմէ անշեղ պէտք է մնալ», ըսաւ Մաշնուք` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ երկուշաբթի կարելի ըլլայ դրական մթնոլորտի շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ-Հըզպալլա երկխօսութիւնը ամբողջացնել:
Մաշնուք դիտել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին կը փափաքի հանդարտեցնել կացութիւնը` առանց յաւելեալ մագլցումներու:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է հիմնական երեք հարց, որոնք են` քաղաքապետական ընտրութիւններ, երկխօսութիւն եւ կառավարութեան գործունէութեան աշխուժացում:
Մաշնուք յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին Պըրրիի հետ քննարկումներ կատարած է` աւելցնելով, որ այդ մասին պիտի խորհրդակցի նաեւ քաղաքական ուժերուն հետ` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններուն թուականը կը զուգադիպի մայիս ամսուան, «եւ պէտք է այդ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Պըրրի չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումի ծիրին մէջ ընդգծեց նախարարաց խորհուրդի աշխատանքը բարելաւելու կարեւորութիւնը, նոյնիսկ եթէ ենթադրուած ըլլայ, որ նախագահական ընտրութիւնը 15 օր ետք է:
«Իսկ հիմա, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը մուտք գործած է սառնարան, կառավարութեան գործունէութեան աշխուժացումը անխուսափելի է», շեշտեց Պըրրի: