Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ. Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Խոստանայ 5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Յատկացնել Շրջանին

January 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Այն Թինէի Մէջ

Պըրրի եւ Քուրց
Պըրրի եւ Քուրց

Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Քուրցը` ներկայութեամբ իր տեղեկատուական խորհրդատու Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետին Մօտ

Քուրց եւ Սալամ
Քուրց եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Քուրցը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-աւստրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պասիլի Հետ Հանդիպում

Պասիլ եւ Քուրց
Պասիլ եւ Քուրց

Քուրց հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քուրց յայտնեց, որ Աւստրիա 5 միլիոն եւրոյի համարժէք մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ շրջանին:

Ան նշեց, որ Լիբանան ամէնէն աւելի կ՛ազդուի սուրիացի գաղթականներուն տագնապէն:

Քուրց դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը` աւելցնելով, որ իրենց համար հպարտութիւն է յայտնել, որ 200 աւստրիացի զինուորներ կը մասնակցին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:

Քուրց ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է շրջանին մէջ գաղթականներուն հարցին լուծում մը գտնելը: «Ճիշդ է, որ գաղթականները դժգոհ են իրենց վիճակէն, սակայն կարելի չէ բոլորին գործի առիթներ ստեղծել, բայց եւ այնպէս նուազագոյնը կարելի է երեխաներուն ուսման կարելիութիւն ստեղծել` իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ», ըսաւ ան:

Քուրց նշեց, որ անցեալ տարուան ընթացքին հարիւր հազար սուրիացի գաղթականներ հասած են Աւստրիա` շեշտելով, որ այդ իրականութիւնը երկրին համար իսկական մարտահրաւէր մըն է:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ քննարկումին ընթացքին նկատի ունեցած են սուրիացիներու եւ լիբանանցիներու միջեւ յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ միջազգային օրէնքին համաձայն, սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը միացեալ են, սակայն օր մը օրանց այդ օրէնքը նկատի չէր ունեցած, որ գաղթականներուն թիւը պիտի հաւասարի երկրին քաղաքացիներուն թիւին կէսին:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան անհրաժեշտ կը գտնէ, որ գաղթականները վերադառնան իրենց երկրին ապահով վայրերը` այս տագնապին լուծում մը երաշխաւորելու համար:

Պասիլ շեշտեց, որ Քուրցի հետ համաձայն գտնուած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է շարունակել, իսկ ահաբեկչութեան նկատմամբ ռազմավարական մրցակցութեան դէմ պէտք է պայքարիլ դիւանագիտական լուծումներով:

Ան աւելցուց նաեւ, որ պէտք է սեւ տնտեսութեան սահմաններ գծել եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլ` հիմնական մտահոգութիւն յայտնելով շրջանին մէջ համայնքային դրութեան մասին:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ իր բազմազանութիւնը, որ զինք իւրայատուկ կը դարձնէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կրօնի ազատութիւնը հիմնական է եւ անիկա կրնայ հիմք ծառայել Միջին Արեւելքի ընկերութիւններու զարգացման:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Յաջորդը

Լիբանան Այս Տարուան Իր Երկրորդ Շաբաթավերջը Կը Փակէ Խաղաղութեամբ, Իսկ Նոր Շաբաթասկիզբը Կը Սկսի Երկխօսութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.