ՊԸՐԺ Պարաժնէի բնակիչները երէկ որոշ ժամանակի մը համար փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` զօրակցելու համար նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի եւ պահանջելու անոր ազատ արձակումը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել կառավարութեան գործունէութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք յաջողած են սիւննի-շիի սադրանքները փարատել: Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա մեծ դերակատարութիւն ունի շրջանին քանդումին մէջ` աւելցնելով, որ ան կը հովանաւորէ շրջանին մէջ տարածուած հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ իրենց շահերը կ՛ենթադրեն, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ չէզոքութիւնը պահպանեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին հաստատեցին, որ իրենց կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը գրեթէ վերջնականացած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ հանգստեան կոչուած զօրավար Շամել Ռուքոզի քաղաքական կեանք մուտք գործելու հաւանականութիւնը մեծ է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համաձայն են քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու, սակայն Հըզպալլա կը նախընտրէ այդ ընտրութիւնները յետաձգել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մատայայի, Քաֆարիայի, Ֆուաայի, Նուպլի եւ Զահրայի համար ցաւն ու յանձնառութիւնը մէկ են:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրած է` լուծելու համար լիբանանցիներուն վերաբերող կենցաղային շարք մը հարցեր:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ յանձնառու է երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի հաստատած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը կառչած կը մնայ երկխօսութեան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ զանազան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ նոր գործողութիւն մը կատարելու առումով իսրայէլեան կասկած գոյութիւն ունի:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծման նպատակով այսօրուան զարգացումները աւելի մեծ գայթակղութիւն կը նկատուին քան «Սուքլին» ընկերութեան գայթակղութիւնը:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած իրավիճակը ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային կացութեան` աւելցնելով, որ երկրին կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցի, եթէ անոր պահանջները նկատի առնուին: Ան նշեց, որ պարզապէս ներկայ նախարարներով կառավարութեան նիստի գումարումը հարցերը աւելի եւս պիտի բարդացնէ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար իր ճակատագիրը անվերջ անիշխանութեան հետ զուգորդել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութիւնը ճշդուած թուականին պիտի կատարուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ճակատագիրը պիտի մնայ անորոշ, մինչեւ Իրանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` յառաջիկայ 2016-ին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Հըզպալլայի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ երկխօսութեան առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, որ իրենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն բացի այլ թեկնածու պիտի չընդունին:


