Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Նուիրատու Երկիրներուն Խորհրդաժողովին Նախապատրաստութիւնները

January 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաակ եւ վարչապետ Սալամ
Քաակ եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը հրապարակեց հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Սիկրիտ Քաակ վարչապետ Սալամի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի եւ սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ իր ունեցած տեսակցութիւններուն արդիւնքները:

«Քաակ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմած է Լիբանանի ապահովական, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

«Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ եւ Քաակ ընդգծած են Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը: Անոնք քննարկած են նաեւ Սուրիոյ նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:

«Քաակ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան զարգացումները»:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր հօր` Սաէպ Սալամի կարգախօսներուն, որոնցմէ կարեւորագոյններէն են «Ո՛չ յաղթող, ո՛չ պարտուող» եւ «Մէկ Լիբանան եւ ոչ Լիբանաններ» կարգախօսները:

Սալամ հաստատեց, որ անցեալ դարու յիսունական թուականներէն ի վեր ներկայ տագնապը մեծագոյնն է եւ ամէնէն վտանգաւորը:

ՆՇԵՆՔ, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, գրած է, թէ վարչապետը կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

Նախորդը

Ձեռագիրով Նորոգուած Անցագիրները 20 Յունուարէն Ետք Անվաւեր Են

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Հակառակ Տիրող Ներքին Եւ Արտաքին Պայմաններուն, Երկխօսութիւնը Միակ Միջոցն Է, Որմէ Անշեղ Պէտք Է Մնալ» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.