Տարին չսկսած լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք մօտիկ ապագային պիտի ճամբորդեն եւ ձեռագիրով նորոգուած անցագիրներ կը կրեն, դէմ յանդիման կը գտնուին նոր հարցի մը:
Նոյն հարցին դիմաց կը գտնուին նաեւ այն քաղաքացիները, որոնք իրենց անցագիրին վրայ կը կրեն իրենց զաւակներուն անունները:
Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան տուած նոր որոշումներուն համաձայն, 20 յունուարէն ետք անվաւեր կը նկատուի այն անցագիրը, որուն 4-րդ էջին վրայ ձեռագիրով «նորոգուած» նշումը կատարուած է:
Կը նախատեսուի, որ շուրջ երկու հարիւր հազար քաղաքացիներ, որոնք իրենց անցագիրները ձեռագիրով նորոգած են, վերադառնան Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւն` վերստին ներկայացնելու իրենց դիմումները, ստանալու համար նոր անցագիրներ:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու, հազարապետ Ալի Թըրմոս յայտնեց, որ բոլոր քաղաքացիները պէտք է փոփոխութեան ենթարկեն իրենց անցագիրները` վճարելով անոնց արժէքը:
Ան նշեց, որ իրենք իբրեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւն չեն կրնար ջնջել անցագիրի նորոգութեան տուրքը:
Նշենք, որ անցագիրներու նորոգութեան նպատակով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոններուն մէջ այսուհետեւ աշխատանքը պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: