Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան այսօր եւ վաղը թիրախ պիտի դառնայ ցուրտի նոր ալիքի մը` նկատի ունենալով, որ Իտալիայէն փոթորիկ մը Յունաստանի ճամբով պիտի հասնի Լիբանան, ուր տեղատարափ անձրեւներ պիտի տեղան:
Լիբանանը հարուածող «Վլատիմիր» ձիւնամրրիկէն ետք, կը նախատեսուի, որ այս նոր փոթորիկին պատճառով ծովու մակերեսէն 1600 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնէ: