Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութիւն. Ժոմպլաթ Կառչած Կը Մնայ Հըլուի Թեկնածութեան, Հըզպալլա Կը Յետաձգէ Իր Պլոքի Նիստը, Իսկ Ժեմայէլ Այսօր Կը Յայտարարէ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Կեցուածքը

Յունուար 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

306559_img650x420_img650x420_crop

Նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը ինքզինք պարտադրեց նաեւ երէկուան քաղաքական զարգացումներուն վրայ: Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութեան լոյսին տակ ի յայտ եկած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պաշտօնական թեկնածութեան եւ անոր զուգահեռ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան պահպանումին արձագանգելու ծիրին մէջ, երէկ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը, նախագահութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, գումարեց իր նիստը եւ հաստատեց, որ պլոքը կը զօրակցի երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութեան` զայն նկատելով չափաւորականութեան եւ երկխօսութեան օրինակելի տիպարը:

Ժողովրդավարական պլոքը դրուատեց Լիբանանեան ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութիւն երեսփոխանական պլոքը յետաձգեց իր ընթացիկ նիստը:

Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պիքֆայայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարէ, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ո՞ր թեկնածուին կը զօրակցի:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ մասնակցեցաւ Տաւոսի տնտեսական համաշխարհային ժողովին:

Սալամի ընկերակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Նախքան իր մեկնումը, Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որուն փոխանցեց, թէ ինք կը փափաքի Պնաշհի կատարելիք իր այցելութիւնը յետաձգել` վարչապետին ընկերակցելու պարտաւորութեան պատճառով:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Մուսթաքպալի եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները «պաղ» վիճակի մէջ կը գտնուին:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Քննարկուած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցը

Յաջորդը

Սպարտակ Պիտի Վճարէ Մովսիսեանի Աշխատավարձին Կէսը

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?