Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ահաբեկչական բջիջներն ու ցանցերը հետապնդելու շրջագիծին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի 5 անդամներ, որոնցմէ չորսը սուրիացիներ են եւ մէկը` լիբանանցի:
Անոնք խոստովանած էին, թէ կը գործէին ՏԱՀԵՇ-ի հաշուոյն` դէպի Սուրիա զինեալներ, ինչպէս նաեւ զէնք ու զինամթերք փախցնելով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կեդրոնները ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դարձնելու նպատակով` ականուած գօտիներ եւ ինքնաշարժներ պատրաստելով: