Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը Լիբանանի համար կրնայ վտանգաւոր ըլլալ` աւելցնելով, որ Ռիատ եւ Թեհրան պէտք է օժանդակեն այդ հարցին լուծման իմաստով:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտուեցաւ, որ Փարիզ նախագահական յատուկ թեկնածուի մը չի զօրակցիր, այլ` նեցուկ կը կանգնի անոր, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: