ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահայի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 4 փետրուարին: Նշենք, որ դատավարութեան ընթացքին իսլամական բանտարկեալներուն ընտանիքները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Զինուորական ատեանին դիմաց:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հերքեց, որ իր կողմէ դէպի Վատիկան կատարուելիք այցելութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուող լուրերը անճիշդ են:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին նախագահ Եագուպ Ամիտ Ռուր շեշտեց, որ Հըզպալլա ռուսական արդիական զէնքեր ստացած է:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց վերջ տալու ծայրայեղութեան եւ որդեգրելու չափաւորականութեան եւ հանդուրժողականութեան առումով բաց ըլլալու ուղեգիծը:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահութեան աշխատանքը կանգ առած է այն թուականէն, երբ Հըզպալլա սկսաւ մաս կազմել Սուրիոյ պատերազմին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան մերժումը քրիստոնեայ համայնքը թիրախ դարձնելու համազօր է, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ մերժել հզօրները:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, հերքած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու իմաստով կուսակցութեան վերագրուած լուրերը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ իրենց համար կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կը մնայ նախագահական լաւագոյն թեկնածուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ գժտուած քաղաքական երկու կողմերուն միջեւ մերձեցումը ողջունելի է եւ դրական կը գնահատուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ համաձայնութիւնը ռազմավարական է` աւելցնելով, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր այդ համաձայնութեան գոյացման իմաստով աշխատանք կը տարուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ի՛նչ ալ ըլլայ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին անունը, շատ աւելի լաւ է, քան նախագահական թափուր աթոռը: