
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւններուն առումով ոչ մէկ հարց կայ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան հիմքը այդ ընտրութիւններուն կայացումն է` ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ:
Սլէյման կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն ուղղուելու խորհրդարան` անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
Ան նշեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կախեալ է անոր շուրջ միջազգային հովանիէն, սակայն այդ մէկը պահպանելու համար պէտք է լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ համախմբուիլ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանել:
Սլէյման դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ապահովական կառոյցներուն գործունէութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան հիւրընկալ միջավայր չկայ ո՛չ Պէյրութի եւ ո՛չ ալ Թրիփոլիի մէջ:


