Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումին Մանրամասնութիւնները Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Ներկայացնելու Նպատակով Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

January 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sami_basil_kanaan_012016

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումին եւ Լիբանանեան ուժեր ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ լիբանանեան քաղաքական տարբեր հեղինակութիւններուն կատարուող այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեցին Սայֆի, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ ըսաւ, որ «միասնականութեան պատկերը ամբողջացնելու շրջագիծին մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մեր կատարած այցելութիւնը բնական կը գտնենք»:

«Մենք աճապարուած չենք այս հոլովոյթին իմաստով եւ կ՛ուզենք խաղաղ ու հանդարտ կերպով գործել, որպէսզի կարենանք պահանջուած նպատակին հասնիլ: Մենք շահագրգռուած ենք այնպիսի համաձայնութեամբ, որ հիմնուած է քաղաքական յստակ հիմերու վրայ եւ մեզի կ՛արտօնէ մեր ամբողջական դերակատարութիւնը խաղալու` ապահովելու համար ազգային գործակցութիւն մը, որմէ ոչ ոք բացառուած է», ըսաւ Պասիլ:

Իսկ Ժեմայէլ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը այսօր պիտի տայ իր որոշումը, որ աւելի ուշ պիտի յայտարարուի:

Խալտէի Մէջ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ` ընկերակցութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, այցելեց Խալտէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենց քաղաքական ուղեգիծը եւ միասնականութիւնը խախտելու առումով որեւէ գրաւ ձախող դուրս պիտի գայ:

Արսլան իր կարգին նշեց, որ դրական կը գնահատէ գոյացած համաձայնութիւնը` մաղթելով, որ ան ընդգրկէ բոլոր քրիստոնեաները:

Արսլան շեշտեց, որ իրենց համար զօր. Աուն եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կարեւոր են` աւելցնելով, որ իրենք յաւելեալ ժամանակ կ՛ուզեն խորհրդակցելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ազգային բոլոր ուժերուն հետ` վերջնական որոշումին յանգելու իմաստով:

Հարտանի Մօտ

bou_saab_hardan_012016

Նոյն նպատակով Ապու Սաապ եւ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա այցելեցին Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց համաձայնութիւնը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով պէտք է գործակցիլ եւ փոխադարձ խորհրդակցութիւնները պահպանել` ուրախ աւարտի յանգելու նպատակով:

Հարտան իր կարգին յայտնեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը պիտի սերտէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը` յոյս յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը անյապաղ կատարուի:

 

 

Նախորդը

Պըրրիի Գնահատումով, Զօր. Աուն – Ժահժահ Համաձայնութիւնը Բաւարար Չէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Զոյգ Թեկնածուներ Զօր. Միշել Աունի Կամ Սլէյման Ֆրենժիէի Զօրակցելու Շփոթը Կը Շարունակէ Մնալ Տիրական

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.