Մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը հաստատէ, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը անբաւարար է, արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Էլիաս Ապու Սաապ կը շարունակեն լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն այցելել` զանոնք տեղեակ պահելու զօր. Աունի թեկնածութեան մանրամասնութիւններէն:
Այս բոլորին կողքին, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ կ՛ընդգծեն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին զօրակցելու իրենց յանձնառութիւնը:
Ոմանք, ինչպէս նախարար Պութրոս Հարպ, քուէարկութեան որոշ պատկերացում մը ունին, սակայն ուրիշներ, ինչպէս Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Ղովմի կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահները, կարիքը ունին յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու:
Բայց եւ այնպէս նախագահական ընտրութեան առումով զոյգ թեկնածուներ զօր. Աունի կամ Ֆրենժիէի զօրակցելու շփոթը կը շարունակէ մնալ տիրական, իսկ դէպի Պնաշհի կատարուելիք այցելութեան թուականը` անորոշ:
Այս բոլորին առընթեր, Ժողովրդավարական հանդիպում եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքները այսօր պիտի գումարեն իրենց նիստերը, իսկ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի մասնակցի Տաւոսի տնտեսական համաշխարհային ժողովին: