
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը:
Հանդիպումէն ետք Հարպ դրուատեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի առած քայլը` յոյս յայտնելով, որ Մեհրապի նախաձեռնութիւնը դրական քայլ մը ըլլայ` նախագահական ընտրութեան առումով:
Հարպ ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ նախագահական ընտրութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ նախագահական ընտրութեան 8 փետրուարի խորհրդարանական նիստը կայանայ:
«Եթէ նախագահական ընտրութեան նիստին զոյգ թեկնածուները ըլլան զօր. Աունը եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, ապա պիտի զօրակցիմ Ֆրենժիէի թեկնածութեան», ըսաւ Հարպ: