
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յատուկ նիստի մը, որ յատկացուած էր Պէյրութի միջազգային օդակայանին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ, Նեպիլ Ժսըր:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մուքպելի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցերն ու բանակին կարիքները:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՒՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որ շեշտեց, թէ ոչ ոք կը փափաքի 2006-էն ի վեր ապահովական կայունութիւն վայելող սահմանային եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տիրող խաղաղութիւնը խախտել:


