
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ինտոնեզիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռայամիզար Ռայաքոտոն, որուն ընկերակցեցաւ զինուորական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Խազեն Խմէյտին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ինտոնեզիական յարաբերութիւնները, յատկապէս ապահովական եւ զինուորական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարներուն առումով:
Մուքպել ողջունեց ինտոնեզիացի իր պաշտօնակիցը` դրուատելով երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայաքոտոյի` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Ինտոնեզիոյ մաս կազմելուն առումով:
Մուքպել գնահատեց Ինտոնեզիոյ զօրակցական կեցուածքը Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:
Իր կարգին, Ռայաքոտօ յայտնեց, որ սերտած են երկկողմանի զինուորական գործակցութեան հեռանկարները, ընդգծելով, որ Ինտոնեզիա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին, որ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ իր մօտ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան Ինտոնեզիոյ անկախութիւնը ճանչցող երրորդ երկիրն է:


