
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Հանդիպումին մասին ոչինչ փոխանցուեցաւ, իսկ Ռիաշի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:


