
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ իրարու հակադարձեցին դիպուկ պատասխաններով:
Պըրրիի կողմէ կատարուած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ի՞նչ է պահանջուածը. որ Հըզպալլա իմ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի գլխուն զէնք եւ հրթիռ ուղղէ` պարտադրելով, որ որոշ թեկնածուի՞ մը քուէարկենք»:
Այս յայտարարութեան Ժահժահ պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Ի՞նչ հիման վրայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու է»:
Ժահժահի այս հարցումին Պըրրիի պատասխանը եղաւ հետեւեալը. «Այդ նոյն հիմերուն վրայ, որոնք քեզ դարձուցած են Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուն»:
Բանավէճը աւարտեցաւ, երբ Ժահժահ ըսաւ. «Ես իմ թեկնածութիւնս յետս կոչեցի ի նպաստ զօր. Աունի»:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու նախարարութեան վերաբերող հարցերը:


