
Հըզպալլա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարեցին իրենց միջեւ երկխօսութեան 23-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները եւ զանոնք լուծելու միջոցները` քաղաքական հանդարտ եւ պատասխանատու քննարկումներու ընդմէջէն` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Հըզպալլան կոչ ուղղեցին կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:


