Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտնեց, որ այսօրուան պարագային դպրոցներուն դռները բանալու կամ զանոնք փակ պահելու որոշումը դպրոցներու տնօրէնութիւններուն հայեցողութեան կը ձգէ:
Ապու Սաապ նշեց, որ կան կարգ մը դպրոցներ, որոնք ջեռուցման սարքերով օժտուած են եւ դէպի դպրոց փոխադրութեան վտանգի հաւանականութիւն չկայ` նկատի ունենալով, որ ճամբաները ապահով են եւ սառոյցի վտանգ չեն դիմագրաւեր:
Իբրեւ պատասխան Ապու Սաապի կատարած յայտարարութեան, կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ այսօր կաթողիկէ վարժարաններուն համար սովորական դպրոցական օր է, բացի եթէ աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը սահանքի ենթարկուելու վտանգին դէմ յանդիման գտնուին:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումին համաձայն, լեռնային շրջաններու բոլոր մանկատուները այսօր պիտի մնան փակ: