Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու, Իսկ Իսրայէլ Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ Նոր Պատերազմ Մը Սկսելու Միտումով

January 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանչիսկոս պապը
Ֆրանչիսկոս պապը

Նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը հետզհետէ ինքզինք կը պարտադրէ լիբանանցիներուն, քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն վրայ: Տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով հնչած կոչերուն երէկ միացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապը, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նկատեց Լիբանանի համար անհրաժեշտութիւն մը:

Յստակ է, որ այդ ընտրութեան կարեւորութեան մասին բոլորը կը գիտակցին, սակայն երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նշոյլն անգամ գոյութիւն չունի:

Կառավարութեան նիստերուն սկիզբը վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ արտասանուած առաջին խօսքը, որ կը վերաբերէր նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութեան, արդէն իսկ արտասանուեցաւ երէկ, առանց սպասելու նախարարաց խորհուրդի վաղուան նիստին:

Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզի գործարաններու եւ ընկերութիւններուն յատուկ շրջաններու յառաջացման ծրագիրի մեկնարկին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան արտադրութեամբ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու` ամբողջացնելու համար ազգային պատասխանատուութիւնը:

Չէ բացառուած նաեւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը այսօր ընդգծէ նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, սակայն այս բոլորը անպայման չեն նշանակեր, որ 8 փետրուարի խորհրդարանի նիստը այդ առումով արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը հաստատեց, որ գոյացած միջմարոնիական համաձայնութիւնը պիտի ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` ազգային ամբողջական համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով, իսկ Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց նախագահական ընտրութեան համար մէկէ աւելի թեկնածուի գոյութիւնը` զայն նկատելով առաւելագոյն չափով ժողովրդավարական: Մուսթաքպալ շեշտեց 8 փետրուարի նախագահական ընտրութեան նիստին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահական ընտրութիւնը երկրին քաղաքական տագնապին լուծման իբրեւ նախաքայլ որդեգրելու կոչերուն առընթեր, ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչ Տանի Տանոն Հըզպալլան ամբաստանեց նոր պատերազմ մը սկսելու միտումով եւ աւելցուց, որ իրենք պէտք եղած բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն պաշտպանելու համար իսրայէլացիները:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Վերաբերող Նիստի Մը

Յաջորդը

Ըստ «Ժողովուրդ»-ի. Հայաստանի Հանրապետութեան Առեւտուրի Շրջանառութիւնը Նախորդ Տարուան Համեմատ Նուազած Է Աւելի Քան 1 Միլիառ Տոլարով

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.